2014-07-09 17:10:21

Գերապայծառ Չելլի` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ներկայացուց հաղորդակցութեան արդիականացուած համակարգ մը։


''Հակառակ թուային հաղորդակցութեան արձանագրած քայլերուն, Եկեղեցին, այս պահուս, չի կռնար զրկուիլ հաղորդակցութեան աւանդական միջոցներէն, այսինքն Ռատիոյէն, հեռուստատեսիլէն եւ թերթէն. Այս մէկը սակայն չի նշխանակեր թէ Եկեղեցին պահանջը եւ, առ աւելին, պարտականութիւնը չի զգար գտնուելու նորագոյն արհեստագիտութեան շրջանակին մէջ''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ գերապայծառ Քլաուտիօ Մարիա Չելլին, Ընկերային հաղորդակցութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, Վատիկանի ''Օսսերվաթորէ Ռոմանօ'' օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին։
Ան յայտնեց թէ ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ընկերային ցանցերու վրայ մեծ ժողովրդականութիւնը փաստ մըն է թէ Եկեղեցին կը շարունակէ հետապնդել ընկերային հաղորդամիջոցներու նորագոյն արհեստագիտութեան գործածութիւնը, Քահանայապետը հասցնելու այն միջավայրերուն մէջ ուր կարելի է հանդիպիլ մարդուն''։
Արդարեւ երկուշաբթի, 7 յուլիսին, գերապայծառ Չելլին` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ներկայացուց ''The Pope app'' հաղորդակցութեան արդիականացուած համակարգը, որուն միջոցաւ կարելի է ընկալել Քահանայապետի պատգամները, քարոզները ու նաեւ Անոր հայող տեսերիզները, ինչպէս նաեւ ուղիղ եթերով հետեւիլ Քահանայապետական գործունէութիւններուն, արարողութիւններուն եւ հրապարակային ունկնդրութիւններուն։
''Մեր կէտնպատակն է Քահանայապեը հասանելի դարձնել բոլորին, հետեւելով անոր իղձին, ընթանալու մարդոց հետ հանդիպումին, ուր ալ որ գտնուին'' յայտնեց Գերպայածառ Չելլի հուսկ ակնարկեց Քահանայապետի հաղորդակցական ոճին որ է – ըսաւ Ան – ''թափանցիկ, վաւերական եւ ուղղակի'', ու մատնանշեց Նորին Սրբութեան հաւատացեալներուն հետ անձնական շփում ունենալու նախընտրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.